2018-01-29 09:03:00

Բանակի օրուան առիթով` Հայաստանի նախագահի այցեութիւնը «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն


Հայոց բանակի օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմին ընկերակցութեամբ  երէկ` կիրակի, 28 յունուար 2018-ին այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու  իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Ներկաներու շարքին էին վարչապետ Կարէն Կարապետեան, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետն ու գլխաւոր դատախազը:

Նշենք, որ բարձրագոյն ղեկավարութեան այցելութենէն անկախ, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելողներու շարքին եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան գլխաւոր թեկնածու Արմէն Սարգսեան: Նախագահի թեկնածուին ընկերակցեցան նախկին վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը` Արմէն Սարգսեան եւ գրող-հրապարակագիր Զօրի Բալայեան:

Մինչ այդ, նախագահ Սարգսեանը հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած անձնուիրութեան եւ խիզախութեան համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներու  անդամներուն յանձնած է զոհուած հերոսներուն յետմահու շնորհուած պետական բարձր պարգեւները:

Բանակի օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահը նաեւ յղած է իր շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ անդրադարձած է բանակի կարեւորութեան` երկրի անվտանգութեան եւ շրջանի կայունութեան ու խաղաղութեան համար: Նախագահը իր ուղերձին մէջ ըսած է. «Մեր բանակը, ըլլալով մեր ժողովուրդի անվտանգութեան յուսալի երաշխիքը, նաեւ շրջանային կայունութեան շատ կարեւոր բաղադրիչն է:

Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պետականութեան եւ կանոնաւոր բանակի բացակայութիւն եւ գիտենք, թէ որքա՛ն սուղ վճարած ենք անոր համար: Ծանր փորձութիւններ տեսած ազգի մը համար սեփական բանակի գոյութիւնն իսկ ունի առանձնայատուկ ընկալում:

«Մեր բանակը համաժողովրդական բանակ է, որ իր ստեղծման օրէն կը զգայ  ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը, կը վայելէ ժողովուրդի վստահութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը: Վստահ եմ, որ ապագային եւս Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը պիտի գուրգուրան իրենց առաջնեկին»:

Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ բանակի այսօրուան վիճակին եւ ըսած. «Գաղտնիք չէ, որ այսօր մենք որակապէս այլ բանակ ունինք` զինուած ամէնէն արդիական զինատեսակներով, յագեցած ժամանակակից սարքաւորումներով: Բայց մենք կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք հետեւողականօրէն բարձրացնել մեր բանակի մարտունակութիւնը: Այդ նպատակով ընդունուած է բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիր, ինչ որ կեանքի պիտի  կոչենք ժամանակացոյցին համապատասխան: Անձամբ ես ջանք պիտի  չխնայեմ, որ մեր բանակը դառնայ աւելի արդիական եւ աւելի ուժեղ»:

Իր խօսքի աւարտին նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Այսօր մենք Եռաբլուր կը գտնուինք: Այս սրբազան տօնին օրը մեր պարտքն է գլուխ խոնարհել հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքին գնով մեզի կեանք եւ ազատութիւն պարգեւեցին: Վշտակից ենք մեր բոլոր զոհուածներու  ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Կոչ կ՛ուղղենք սերունդներուն` մշտապէս վառ պահելու անոնց յիշատակը, Հայաստանի ժողովուրդին այս կարեւոր տօնի խորհուրդն ու իմաստը»:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը Բանակի օրուան առիթով, նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր պարգեւներով, շքանշաններով ու մետալներով պարգեւատրած է խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ` hայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած նուիրումի եւ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար  եւ անոնց շնորհած է բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.